2014-10-09 11:51:42

Շաբաթ 11 Հոկտեմբեր գիտաժողով մը` Միջին Արեւելքի ընտանիքը նիւթին մասին։


(Ռ.Վ. 09 հոկտեմբեր 2014) Համագործակցութեամբ վատիկանեան հիմնադրամի ''Նազարէթի ընտանիք'' միջազգային կեդրոնին եւ Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդին, շաբաթ 11 հոկտեմբերին, ժամը 18,30-ին, Հռոմի Յովհաննէս Պօղոս Բ լսարանին մէջ, տեղի կ՛ ունենայ գիտաժողով մը յատկացուած Միջին Արեւելքի ընտանիքին` ''ճշմարտութեան ու գթութեան ակնարկ մը Միջին Արեւելքի ընտանիքին վրայ'' խորագիրով, որուն նպատակն է Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Պատրիարքներու վկայութիւններու միջոցաւ ձայն տալ Միջին Արեւելքի ընտանիքներուն։
Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն` Քահանայապետական ընտանիքի խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Վինչէնցօ Փալիա, Մարոնի Համայնքի պատրիարք` Կարդինալ Պշարա Ռայի, Երուսաղէմի լատիններու Պատրիարք` գերերջանիկ Ֆուատ Թուալ, Ասորիներու պատրիարք` գերերջանիկ Եուսէֆ Եունան, եւ Քաղդէացիներու պատրիարք` գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.